2015-10-18 12:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը` ''Մտահոգ եմ Սուրբ Երկրի իրավիճակով''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 18 հոկտեմբերի կէսօրին, յաւարտ Սրբուհի Թերեզայի ծնողաց՝ ՝՝Լուի Մարթէնի եւ Մարի Ազէլիա Կուէրինի՝՝ ինչպէս նաեւ Երանելի ՝՝Վինչենցօ Կրոսիի՝՝ եւ Երանելի ՝՝Մարիա Իմմաքոլաթա Քոնչեցիոնէի՝՝  սրբադասման արարողութեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, նախ քան կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, իր խոր մտահոգութիւնը յայտնելով Սուրբ Երկրի կացութեան նկատմամբ։

Ան յայտնեց, թէ այս պահուս, յոյժ կարիքը կայ քաջութեան եւ հոգեւոր զօրութեան՝ ո´չ ըսելու ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան, եւ կատարելու խաղաղութեան ձեռքբերումներ։

Սրբազան Հայրը խնդրեց աղօթել Աստուծոյ, որպէզի Ան հզօրացնէ քաջութիւնը բոլորին մէջ՝ ըլլա´յ կառավարիչներուն եւ կամ քաղաքացիներուն՝ հակառակելու համար բռնութեան եւ կատարելու հաստատ քայլեր։ Ապա Նորին Սրբութիւնը յարեց, թէ ներկայիս՝ Միջին Արեւելքի եւ Սուրբ Երկրին մէջ պէտք է վճռականօրէն խաղաղութիւն տիրէ. այս մէկը՝ կը խնդրէ Աստուած ինչպէս եւ մարդկութիւնը։

Կոչին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով զանազան երկրիներէ ժամանած ուխտաւորները, յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց Ֆրանսայէն ժամանած հաւատացեալներուն, որոնք ներկայ գտնուեցան Սրբուհի Թերեզայի ծնողաց՝ Լուի Մարթէնի եւ Մարի Ազէլիա Կուէրինի սրբադասման արարողութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.